February 5, 2019
«ԽՕՍՆԱԿ»-Ի ԲԱՑԱՌԻԿ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ, ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԻ ԵՒ ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿԻ Ուրբաթ, 15 փետրուար 2019-ի երեկոն լիբանանահայ մշակութասէր ու գրասէր հասարակութեան համար անկասկած, որ պիտի մնայ անմոռանալի, երբ հակառակ տիրող խատաշունչ ցուրտ եղանակին ու տեղատարափ անձրեւին, բազմատասնեակ հրաւիրեալներ փութացեր էին ՀԲԸՄ-ի Ահրամճեան Կեդրոնը, ներկայ ըլլալու հայ գրականութեան տիտաններ՝ Սիլվա Կապուտիկեանի եւ Պարոյր Սեւակի նուիրուած Յիշատակի երեկոյին, զոր կազմակերպած էր «Խօսնակ»-ի Մշակութային Յանձնախումբը: