June 8, 2019
Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպանատան, գործակցաբար՝ Լիբանանի ազգային երաժշտանոցին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 8 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, «Թանկոյի Երաժշտական Երեկոյ » մը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մորիսօ Ալիսի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ռազմական կցորդ գնդ. Ալեքսան Մուշեղան, Լիբանանի պետական երաժշտանոցի նախագահի՝ ներկայացուցիչ Ֆետի Քելէպ, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, Մեծաւոր Մխիթարեան Միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի՝ Հայր Մեսրոպ Թ.Ծ. վրդ. Սիւլահեան, մշակութասէր ընտրանի մը, միութենականներ եւ բարեկամներ: ՀԵԸ «Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն (հայերէն եւ անգլերէն), նշելով, թէ իր հարուստ գործունէութեան ընթացքին, ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութիւնը քաջալերուելով, երկու տարի առաջ կազմակերպած Թանկոյի երեկոյին յաջողութենէն, այսօր՝ նոր յայտագիր մը կու գայ ներկայացնելու հանրութեան, վաստակաւոր երաժիշտներու մասնակցութեամբ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մորիսօ Ալիսիին, Լիբանանի Ազգային Երաժշտանոցի նախագահ Պասամ Սապային, երեկոյի յաջողութեան իրենց բերած նպաստին եւ գործակցութեան համար: Արժանթինի դեսպան Մորսիօ Ալիսի փոխանցած սրտի խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Լիբանանի պետական երաժշտանոցին եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան, իրեն յղուած հրաւէրին, երեկոյին գաղափարը յղանալու եւ կազմակերպելու համար: Դեսպանը ամփոփ տողերու մէջ կատարեց թանկոյի պատմականը, շեշտելով անոր առանձնայատկութիւնները իբրեւ պարարուեստ : Հերթաբար բեմ բարձրացան դաշնակահար, երաժշիտ, յօրինող եւ մշակումներու հեղինակ, Ազգային Երաժշտանոցի դասատու Միքայէլ Աշճեան, Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի վաստակաւոր ջութակահարուհի, Ազգային Երաժշտանոցի դասատու Սուզանա Պալասանեան, Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի վաստակաւոր գոնթրպաս եւ Ազգային Երաժշտանոցի դասատու՝ Զահէր Սապաալի, ձեռնադաշնակի վարպետ, երաժշտութեան ուսանող Նատիմ Ռուհանա: Վաստակաւոր երաժիշտները արուեստի բարձր կատարողութեամբ հրամցուցին թանկօ երաժշտութեան փնտռուած 14 կտորներ: Այս միջոցին, լիբանանեան տարբեր բեմերու տաղանդաշատ արուեստագէտներ Միրէյ եւ Ռաժա Սաֆար մատուցեցին զուգապարեր: Զգալով սրահին մէջ ստեղծուած ոգեւորութիւնը եւ ընդառաջելով ներկաներուն բուռն ծափերուն, անոնք նուագեցին յաւելեալ կտորներ: Հանդիսութեան աւարտին, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային ատենապետ Շահէ Պապահեքեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երաժիշտներուն: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, միասնաբար երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնելու Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպանին, որմէ ետք վարչականները յուշանուէրներ յանձնեցին երեկոյին մասնակիցներուն: Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն: Վարձքը կատար եւ նորանոր յաջողութիւններ ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Միութեան ժրաջան վարչութեան: