May 14, 2019
ԿՈՄԻՏԱՍ 150 ԱՄԵԱԿ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ 150 ԱՄԵԱԿ
«Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնն ու անոր կից գործող Մշակութային Յանձնախումբը, որոշած ըլլալով Ապրիլ ամսուայ մէջ կազմակերպել թէ՛ Ապրիլը ոգեկոչող եւ թէ՛ հայապահպանութեան նպաստող հրապարակային ձեռնարկներ, արդարեւ, իրագործեց 12 Ապրիլի «Ապրիլը Մեր Յիշողութեան մէջ» խորագրեալ հրապարակային միջոցառումը, եւ իրագործեց նաեւ երկրորդը՝ Կոմիտասին ու Յովհաննէս Թումանեանին նուիրուած յոբելենական երեկոն, երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2019-ին, ՀԲԸՄ-ի Ահրամճեան Կեդրոնին մէջ:
Սակայն, կարենալ պատշաճ ձեւով մատուցելու համար համապատասխան տուրք նաեւ հայ մեծեր՝ Կոմիտասին ու Թումանեանին, անոնց ծննդեան 150 ամեակներուն կապակցութեամբ, խմբագրութիւնս Հայրենիքէն մասնաւորաբար հրաւիրեց երիտասարդ ու համակրելի բանասէր ու մանկավարժ Անահիտ Անտոնեանը եւ ժողովրդական ու աշուղական երգերու լաւագոյն մեկնաբաններէն երգիչ Սմբատ Խալաթեանը:
Արդարեւ, Ապրիլեան խորհուրդի շունչով ու բովանդակութեամբ լեցուն Ժողովրդային բաց լսարանը սկսաւ երեկոյեան ժամը 8:00–ին: Բացման խօսքը կատարեց Յանձնախումբի անդամուհի Մարալ Առնելեանը: Ան իր խօսքին մէջ թարգմանը հանդիսանալով «Խօսնակ»-ին- ըսաւ. «Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան եւ անոր կից գործող «Մշակութային Յանձնախումբի անունով կ’ողջունեմ ձեր բոլորը, մեր համեստ յարկէն ներս: Իր հրապարակային հայաշունչ ու հայաբոյր հանդիսութիւններով ծանօթ «Խօսնակ»-ը, այս երեկոյ շարունակելով իր Ապրիլ ամսուայ նուիրուած ձեռնարկներու շարքը, ահա՛ ձեզի կը հրամցնէ նոր յայտագիր մը, ձօնուած՝ հայ զոյգ տիտաններ՝ Կոմիտասի ու Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն:
Արդարեւ, յարգելու համար հայ գրականութեան բարձրագագաթ՝ Թումանեանի, եւ Հայ երաժշտութեան կատար՝ Կոմիտասի յիշատակները, խմբագրութիւնս նպատակայարմար գտաւ այս առիթով կամրջել՝ Լիբանանահայ գաղութն ու Հայաստանը: Անցնող ամսուայ մէջ Լիբանանահայ հասարակութեան ներկայացնելէ ետք Սիլվա Կապուտիկեանի 100-ամեակն ու Պարոյր Սեւակի 95-ամեակը, եւ տակաւին տասը օրեր առաջ ունենալէ ետք «Բաց Լսարան», ուրախ ենք յայտարարելու, որ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի շոգեկառքը, բարեբախտութի՜ւն է, որ կը քալէ ճիշդ գիծի վրայ, եւ ան պիտի շարունակէ դեռ եւս ընթանալ, առանց խարխաբելու՝ ծառայելու համար մեր հասարակութեան»: Արդարեւ, կրկին անգամ ողջունելով ձեզ, ձեզի կ’ըսեմ բարի գալուստ, բարի վայելում:
Բացման խօսքին յաջորդեց երեկոյեան լսարանի առաջին բաժինի գեղարուեստական յայտագիրը: Նկատելով, որ Ա.բաժինը նուիրուած էր Թումանեանին, ուստի գաղութիս շնորհալի ասմունքող Լիանա Ամիրխանեան անթերի կերպով, զգացումով ու ապրումով արտասանեց Յ. Թումանեանի «Հին Օրհնութիւնը», արժանանալով ծափերու:
Գեղարուեստական յայտագրի մէջ երկրորդ ասմունքը դարձեալ Թումանեանէն էր, սփիւռքահայերուս շատ ծանօթ քերթուած մը՝ «Լուսաւորչի Կանթեղը», զոր արտասանեց բժշկուհի Նորա Տիպան, հանդարտ ու տպաւորիչ ու խորհրդաւոր եղանակով, գնահատուելով ներկաներէն:
Ապա դարձեալ Թումանեանէն, «Հայի Տրտունջը» անուն գործով հանդէս եկաւ լիբանանահայ ծանօթ դերասանուհի Արփի Աւետիքեան եւ բացառիկ երգիծական հումըրով ասմունքեց՝ տպաւորելով ներկաները:
Հանդիսութեան առաջին բաժնի գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ հայրենի երգիչ Սմբատ Խալաթեանի Անուշ օփերայէն առնուած «Ամպի տակից ջուր է գալիս» երաժշտական կտորով:
Երգի աւարտին, բեմ բարձրացաւ Հռիփ Նորշահեան եւ սահուն առոգանութեամբ կարդաց բանախօսուհի Անահիտ Անտոնեանի կենսագրականը: Ան, բանախօսուհին ծանօթացուց ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեց զինք բանախօսելու:
Երեկոյեան առաջին մասով, հայրենի բանախօս Անահիտ Անտոնեան շատ համակրելի ու հրապուրիչ ողջոյնի խօսքով մը թուեց իրենց այցելութեան նպատակը, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան ու սկսաւ իր այնքան սպասուած բանախօսութիւնը, մեզ կախարդական գրաւչութեամբ փոխադրելով հայրենի աշխարհ… Լոռի…. Լոռիի Դսեղ գիւղը, ուր ծնած էր Թումանեան: Ան, իր խօսքին մէջ մէջբերեց Պարոյր Սեւակի քառատողը. « Հազար ութհարիւր վաթսուն ինն թուին, հայոց այգիներն ի՜նչ պտուղ տուին… Հայոց արտերում ինչ բե՜րք էր հասել… դժուար է ասել..»
Ան հետաքրքրական ու հաճելի մօտեցումով անդրադարձաւ Թումանեանի մանկութեան, պատանութեան, երիտասարդութեան ու հասունութեան, կեանքի խայտաբղէտ հանգրուաններուն, անոր գործերուն կարեւորութեան եւ նամանաւանդ հայրենասէր բանաստեղծին ազգանուէր առաքելութեան, երբ ան իր գրականութեան ու արուեստին միջոցաւ կ’ոգեւորէր բազմահազարներ, անոնց մէջ ցանելով հայրենիքի հուրը:
Երբ վերջ գտաւ հրամցուած յոբելենական երեկոյի առաջին բաժինը, շարունակուեցաւ հանդիսութեան Բ. բաժինի գեղարուեստական մասը, այս անգամ նուիրուած՝ Կոմիտասին եւ առաջին անգամ բեմ բարձրացաւ երիտասարդ ուսուցիչ Աւետիս Տիպան եւ ասմունքեց Կոմիտասի բանաստեղծութիւններէն «Մայրիկիս Օրօրը»՝ յուզումով ու տպաւորիչ եղանակով, հնչեցնելով Կոմիտասը՝ որպէս բանաստեղծ:
Որպէսզի երեկոյեան տպաւորութիւնը ըլլար աւելի ամբողջական, ասմունքող Լիանա Ամիրխանեան արտասանեց Պարոյր Սեւակի Անլռելի Զանգակատունէն «Ղօղանջ Որբութեան»-ը՝ բացառիկ ներշնչումով, թէ՛ յուզելով եւ թէ՛ խանդավառելով ներկաները:
Ապա, սրահի մէջ հնչեց սպասուած ձայնը եւ արձագանգեց Կոմիտասի «Տլէ Եաման»-ը, երբ Սմբատ Խալաթեան մեծ ապրումով ու զգացումով հրամցուց բոլորիս ծանօթ երգը, իւրայատուկ գունագեղութեամբ, դաշնամուրի վրայ ընկերակից ունենալով այս անգամ սակայն դաշնակահար Անահիտ Անտոնեանը:
Երգի մեղեդիներուն յաջորդեց անմահն Կոմիտասի նուիրուած բանախօսութիւնը: Յարգելի բանախօսուհին շնորհիւ իր ձայնային առաւելութեան ու առինքնութեան, դիւրութեամբ թափանցեց ներկաներու հոգիէն ներս եւ կարճ ժամանակի մէջ մեզի ծանօթացուց Կոմիտասի կեանքի հանգրուանները…. Քիւթահիա, Երեւան, Թիֆլիս, Պոլիս, Գերմանիա, Փարիզ… արժեւորելով մեծ երաժիշտի կեանքը, գործը եւ ձգած աւանդը, ծանրանալով Հայ երաժշտութեան հիմնադիր Կոմիտասի մեծութեան ու «Կոմիտաս երեւոյթ»-ի մասին:
Բանախօսութեան աւարտին, կրկին դաշնամուրի վրայ էր Անահիտը, եւ այս անգամ ներկաներ լսեցին Կոմիտասի այնքան խորհրդաւոր «Կռունկ»-ը, զոր իր բացառիկ ձայնով հրամցուց արդէն բոլորիս ծանօթ Սմբատ Խալաթեանը: Պէտք է ըսել, որ հայրենի երգիչը ունի այնպիսի ձայնային առաւելութիւն, որ շատ հանգիստ ու ապահով կրնայ երգել ժողովրդային, աշուղական ու քնարական երգեր, իր թաւշային բայց հզօր ձայնի նրբերանգութեամբ գերելով սիրտեր ու հոգիներ:
Երեկոյթը աւարտեցաւ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանի փակման խօսքով: Ան ըսաւ. «Այսօր, մեզմէ 150 տարի առաջ ծնած «Հայոց այգիներու ու արտերու պտուղները» ճանչցանք ու համտեսեցինք, շնորհիւ հայրենի զոյգ կռունկներու կատարումներուն: Ծնանք, հասակ առինք ու մեծցանք Թումանեանի հէքեաթներով ու Կոմիտասի երաժշտութեամբ: Ուրախ ենք ու հպարտ, որ առիթը ունեցանք Ապրիլեան այս խորհրդաւոր օրերուն ոգեկոչել մեր զոյգ կատարները»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուայ բանախօսին, հիւր երգիչին, գեղարուեստական յայտագրի մասնակիցներուն եւ ներկաներուն, ու բանախօս Անահիտ Անտոնեանը պարգեւատրեց «Խօսնակ»-ի յուշանուէրով:
Երեկոն շարունակուեց հիւրասիրութեամբ:
«ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ